2011-10-26 13:18:33

Ժամասացութեան Արարողութիւն Ի Պատրաստութիւն Ասսիզիի Ուխտագնացութեան։
<<Ով որ դէպի Աստուած կ՛ընթանայ չի կրնար խաղաղութիւն չփոխանցել եւ ով որ խաղաղութեան ի նպաստ կը գործէ չի կրնար հեռու մնալ Աստուծմէ։>>


Վատիկանի Մամլոյ Գրասենեակի մէջ (անցեալ 18 հոկտեմբերին) մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացումը կատարուած էր <<ճշմարտութեան եւ խաղաղութեան ուխտաւորներ>>ը խորագրով, աշխարհի մէջ խաղաղութեան եւ արդարութեան հաստատումի ի նպաստ ՝՝խորհրդածութեան, երկխօսութեան եւ աղօթքի օրուան կատարումին, որ տեղի կ՛ունեայ հինգշաբթի 27 հոկտեմբեր 2011-ին Ասիզիի մէջ։
Ասիզիի Խաղաղութեան եւ Արդարութեան միջկրօնական այս օրը կազմակերպուած է Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի նախաձեռնած՝ Միջ-Կրօնական պատմական հաւաքի 25րդ տարեդարձին առթիւ։ Այս տարուայ՝ (2011-ի) հաւաքին կը մասնակցին Քրիստոնեայ, Իսլամ, Հրեայ եւ այլ կրօններու ու դաւանանքներու ներկայացուցիչներ։
Ի պատրաստութիւն Ասսիզիի այս կարեւոր հաւաքին չորեքշաբթի 26 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան փոխարէն, նախագահեց Ժամասացութեան արարողութեան` մասնակցութեամբ Հռոմի կաթողիկէ կղերին ։
Արարողութեան սկիզբը, խօսք առաւ Հռոմի Թեմի տեղապահ Եպիսկոպոս՝ Կարտինալ Ակոսթինօ Վալլինին, որմէ ետք կատարուեցաւ ժամասացութիւնը որուն աւարտին Նորին Սրբութիւնը Քարոզ մը արտասանեց որուն ընթացքին անդրադարձ կատարեց Ասսիզիի հաւաքի կարեւորութեան, բացատրելով թէ <<ճշմարտութեան եւ խաղաղութեան ուխտաւորներ>> խորագիրը ընտրուած է այս հաւաքին համար, որպէսզի միասնաբար` այլ կրօններու պատասխանատուներու, ինչպէս նաեւ բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց հետ միասին, հանդիսաւոր կերպով նորոգուի յանձնառումը։ Փնտռելու՝ ճշմարտութիւնը ու մարդկութեան իսկական բարիքը, ու կերտելու խաղաղութիւնը>>։ <<Ով որ դէպի Աստուած կ՛ընթանայ չի կրնար խաղաղութիւն չփոխանցել եւ ով որ խաղաղութեան ի նպաստ կը գործէ չի կրնար հեռու մնալ Աստուծմէ։>>
Որպէս Քրիտոնեաներ համոզուած ենք որ խաղաղութեան դատին համար մեր ամենէն կարեւոր նպաստը աղօթքն է, եւ ասոր համար է որ հոս համախմբուած ենք այսօր որպէս Հռոմի եկեղեցի, ունկնդրելու Աստուծոյ Խօսքը եւ հաւատքով հայցելու խաղաղութիւնը։ Թող Տէրը լուսաւորէ մեր մտքերն ու սրտերը ու առաջնորդէ մեր քայլերը ըլլալու խաղաղութեան եւ հաշտութեան կառուցողներ մեր շրջանակի մէջ։
Ապա նորին սրբութիւնը խորհրդածութիւն մը կատարեց օրուան Սուրբ գրային ընթերցումներէն նեշնչուած՝ ուր Զաքարիա Մարգարէի գիրքին մէջ կը խօսուի <<թագաւորի մը մասին>> մատնանշելով Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքը։
Յիսուս Թագաւորն է բոլոր անոնց որոնք ներքին ազատ կամքով կարող են գերազանցել աշխարհի մէջ տիրող ընչաքաղցութիւնն ու անձնասիրութիւնը եւ գիտակից են թէ իրենց հարստութիւնը Ատուծոյ մէջ է։ Յիսուս աղքատ Թագաւորն մըն է աղքատներու մէջ։ Ան խաղաղութեան թագաւորն է սիրոյ զօրութեամբ։ Այս է նոր թագաւորութիւնը ուր Քրիստոս կ՛իշխէ որպէս թագաւոր։Յիսուս կը յաղթէ աշխարհին ոչ թէ զէնքի ուժով այլ Խաչի զօրութեամբ որ է յաղթանակի նշան։ Աւ արդ՝ ով որ կ՛ուզէ անոր աշակերտել պէտք է պատրաստ ըլլայ չարչարանքի ու նահատակութեան, կեանքը զոհելու Անոր համար որպէսզի աշխարհի մէջ տիրէ սէր ու խաղաղութիւն։

Հուսկ՝ Սրբազան հայրը ակնարկեց Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի ճակատը գտնուող Սուրբ Պետրոսի Ու սուրբ Պօղոսի արձաններուն, ուր Սուրբ Պետրոսը իր ձեռքին մէջ ունի բանալիներ, մինչ Սուրբ Պօղոսը Սուր. եւ Սուրը կը մատնանշէ սուրբ Պօղոսի մահը սուրով։ Առաքեալը հաւատարիմ մնաց ճշմարտութեան մինչեւ վերջ։ Մենք ալ անոր նման պատրաստ ըլլանք կեանքի գինով հաւատարիմ մնալու Քրիտոսին ։
Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր (ըսաւ նորին սրբութիւնը եզրափակելով իր խօսքը) Աստուծմէ հայցենք խաղաղութեան պարգեւը ու աղօթենք անոր որ մեզ դարձնէ խաղաղութեան գործիքները այս աշխարհի մէջ, ուր ատելութիւնը, անձնասիրութիւնը եւ պատերազմը կը տիրէ, ու իրմէ խնդրենք որ վաղուայ Ասսիզիի մէջ կայանալիք հանդիպումը զանազան կրօնապետերու մասնակցութեամբ, շողացանէ իր լոյսը մարդոց մտքերուն ու սրտերուն մէջ, որպէսզի փոխանակ ոխի տիրէ ներումը, բաժանումներու տեղ համերաշխութիւն տիրէ, ատելութեան տեղ սէր, ուժգնութեան տեղ ազնիւ վարմունքը եւ աշխարհի մէջ տիրէ խաղաղութիւնը։ Ամէն
Ժամասացութեան արարողութեան աւարտին Նորին սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկայ հասւատացեալները հրաւիրելով զանոնք աղօթելու Ասիզզի ուխտագնացութեան յաջողութեան համար, խաղաղութեան ու ճշմարտութեան ի նպաստ։ Հուսկ յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակեալներուն զանոնք յանձնելով Սուրբ ֆրանչիսկոսի հովանիին ու ապա բոլորին վրայ ջամբեց իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.